Բեռնում...
Մերժում ենք Վահագն Խաչատուրյանի հետ Աթենքում հանդիպումները․ ՀՅԴ Հունաստանի Կենտրոնական կոմիտե
16-02-2026 23:11 | Լուրեր

Մերժում ենք Վահագն Խաչատուրյանի հետ Աթենքում հանդիպումները․ ՀՅԴ Հունաստանի Կենտրոնական կոմիտե

ՀՅԴ Հունաստանի Կենտրոնական կոմիտեն հայտարարություն է արել․

«Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն կը հե­տե­ւի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Վա­հագն ­Խա­չա­տու­րեա­նի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան Ա­թէնք եւ կը վե­րա­հաս­տա­տէ, որ հայ-յու­նա­կան պատ­մա­կան բա­րե­կա­մու­թիւնն ու բազ­մաո­լորտ գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը կը բխին եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեն­սա­կան շա­հե­րէն։ ­Պե­տա­կան բարձր մա­կար­դա­կի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րա­ցու­մը ող­ջու­նե­լի է, ակն­կա­լե­լով որ ան պի­տի ծա­ռա­յէ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին կա­յու­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րօ­րու­թեան։

­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին կեան­քին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւող զար­գա­ցում­նե­րը խոր մտա­հո­գու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն։ ­Ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վար­քա­գի­ծը կը դրսե­ւո­րէ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու նսե­մա­ցում, Ատր­պէյ­ճա­նի նկրտում­նե­րուն դի­մաց զի­ջո­ղա­կան ըն­թացք եւ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի վե­րա­ցում քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գէն։ ­Շա­րու­նա­կո­ւող քա­ղա­քա­կան ճնշում­նե­րը ընդ­դի­մա­դիր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հան­դէպ, հիմ­նա­րար ի­րա­ւունք­նե­րու սահ­մա­նա­փա­կու­մը եւ հա­սա­րա­կա­կան պա­ռակտ­ման խո­րա­ցու­մը կը վտան­գեն երկ­րի ժո­ղովրդա­վա­րա­կան հիմ­քե­րը։ Ա­նըն­դու­նե­լի է նաեւ պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու կող­մէ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան նպա­տա­կա­յին վար­կա­բե­կու­մը։

Լր­ջա­գոյն մտա­հո­գու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նան նաեւ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ դէմ ուղ­ղո­ւած քայ­լե­րը։ ­Հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու հան­դէպ հա­լա­ծանք­նե­րը կը վկա­յեն պե­տա­կան լծակ­նե­րու օգ­տա­գործ­ման մա­սին՝ ե­կե­ղեց­ւոյ հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը խա­թա­րե­լու եւ ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը տկա­րաց­նե­լու մի­տու­մով։

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը, իբ­րեւ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր, պար­տա­ւոր է պաշտ­պա­նել քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը եւ ա­պա­հո­վել քա­ղա­քա­կան ա­ռողջ մթնո­լորտ։ Դժբախ­տա­բար, ներ­կայ կե­ցո­ւած­քը կը հա­մընկ­նի գոր­ծող իշ­խա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան ու­ղե­գի­ծին՝ ա­ռանց ա­պա­հո­վե­լու անհ­րա­ժեշտ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն եւ հա­մե­րաշ­խու­թիւն։

Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, մենք պատ­շաճ չենք նկա­տեր մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել նա­խա­գա­հին հետ նա­խա­տե­սո­ւող հան­դի­պում­նե­րուն եւ ձեռ­նարկ­նե­րուն, մեր­ժե­լով այս ըն­թաց­քը։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հիմ­քե­րու, ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու եւ հա­մազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պահ­պան­ման գոր­ծին՝ այն հաս­տատ հա­մո­զու­մով, որ միայն ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան ո­գիով ա­ռաջ­նոր­դո­ւող պե­տու­թիւ­նը կրնայ պահ­պա­նել ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ ամ­րապն­դել իր մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը։

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ»։

Աղբյուր՝ AntiFake.am